''Եկեղեցին առանց սահմանի` բոլորին Մայր'' խորագիրով Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի գաղթականութեան
եւ թափառաշրջիկներու համաշխարհային օրուայ պատգամի ներկայացում։
Երեքշաբթի, 23 սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 11,30-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի
Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան սրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ մամլոյ ասուլիս ներկայացնելու համար
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, գաղթականութեան եւ թափառաշրջիկներու համաշխարհային
օրուայ առթիւ, որ կը նշուի 18 յունուար 2015-ին, հրապարակած պատգամը որուն բնաբանն է
''Եկեղեցին առանց սահմանի` բոլորին Մայր'' ։ Պատգամի ներկայացումը կը կատարեն Կարտինալ
Անթոնիօ Մարիա Վելիօ` գաղթականութեան եւ թափառաշրջիկներու հովութեան քահանայապեատկան
խորհուրդի նախագահը եւ գերապայծառ Ժոզէֆ Քալաթիբարամպիլ վերոյիշեալ խորհուրդի քարտուղարը։